2010-05-03 07:52:27

Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր` Արմինէ Գունտագճեան։


Հայ ազգի նշանաւոր դէմքեր` Արմինէ Գունտագճեան։

Արմինէ Գունտագճեանի նոր հատորը` «Հայրենադարձների Բռնաճնշումները Ստալինեան Ժամանակաշրջանում» վերտարութիւնը կը կրէ։

Մասնագիտութեամբ քիմիագէտ, այսինքն՝ գիտութեանց կալուածի նուիրեալ մը, դասախօս մը՝ Արմինէ Գունտագճեան, մեր սեղաններուն դրած է 384 էջնոց գիրք մը՝ «Հայրենադարձների Բռնաճնշումները Ստալինեան Ժամանակաշրջանում» խորագիրով, լոյս տեսած՝ Երեւան, 2010ի սկիզբը։

Հատորը, ըստ էութեան, կազմուած է 1700 հայրենադարձներու պարագաներու ուսումնասիրութեան հիմամբ։ Այլ խօսքով, անիկա վաւերագրական է։ Սակայն Ա. Գունտագճեանի այս աշխատանքը չի սահմանափակուիր միայն յիշեալ հայրենադարձներու պարագաներուն ուսումնասիրութեամբ, այլ անիկա ունի պատմական հակիրճ ակնարկներ, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն ստալինեան ամբողջ «դարաշրջանը», իր մէկէն աւելի դաժան փուլերով, այսինքն՝ 1920-21էն մինչեւ 1954, ապա նաեւ այդ ծանր շրջանի «հետքերը» կը պեղէ մինչեւ 90ական տարիներն ու մեր օրերը:

Հատորը բաժնուած է 5 գլուխներու, որոնցմէ առաջ կան երկու բացատրական, մէկը՝ հեղինակին կողմէ, երկրորդը՝ յառաջաբան մը՝ ծանօթ մտաւորական ու ցեղասպանութեան հարցերու նուիրեալ մասնագէտ Սասուն Գրիգորեանի կողմէ։

Գիրքը կը բովանդակէ խնդրոյ առարկայ 1700 բռնադատուածներուն անուանացանկը, ցուցակներ, տախտակներ ու վիճակագրական տուեալներ։ Բռնադատուածներն ու հալածանքի ենթարկուածները կը ներկայացուցին համաձայն իրենց մասնագիտութեան ու ընդգրկած ասպարէզին. հոն են գրողներ, արուեստագէտներ, գիտութեան մարդիկ եւ, մէկ խօսքով՝ հայ միտքի աւագանին։ Այս հալածանքներուն զոհ գացին նախ՝ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան սպայակոյտն ու դաշնակցական ղեկավարներ, յետոյ կարգը եկաւ մտաւորականութեան, որուն շարքերուն մէջ կային Եղիշէ Չարենցի նման ծանօթ համայնավարներ, ապա նաեւ՝ Հայաստանի մէջ համայնավար վարչակարգը հաստատող, որոնք Լենինեան-Ստալինեան ուղիին իրենց հաւատարմութեան գինը վճարեցին իրենց կեանքով, ինչպէս՝ Աղասի Խանճեան եւ ուրիշներ:

Աւելի քան 30 տարիներու վրայ երկարած ստալինեան հալածանքներուն ու բռնադատութիւններուն միակ թիրախը հայութիւնը չէր, բնականաբար. մոլուցքին զոհ գացած են շուրջ 25-28 միլիոն մարդ՝ Մոսկուայի բռնատէրերուն կամքին խաղալիքը դարձած տարբեր երկիրներէ ու ժողովուրդներէ։ Այս թիւին մէջ հայութեան բաժինը կը գնահատուի շուրջ 200,000ով։ Իսկ եթէ նկատի առնուի, որ Բ. Աշխարհամարտին հայութիւնը վճարած է շուրջ 300,000 կեանք, Ա. Գունտագճեան հարց կը դնէ, թէ մեզի պէս փոքրաթիւ ժողովուրդ մը ինչպիսի՛ մեծ գին վճարած է այդ տարիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.